2016-05-13 12:42:00

Ֆրանչիսկոս Պապին Հայաստան այցելութեան յայտագիրը` 24 -26 Յունիս 2016։


(Ռատիօ Վատիկան)  Հրատարակուեցաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին յառաջիկայ Յունիս 24-26  Հայաստան կատարելիք ճամբորդութեան յայտագիրը։

Նորին Սրբութեան Հայաստան աշխարհի ճամբորդութեան յայտագիրը սկիզբ կ՛առնէ Յունիս 24-ի առաւօտեան  Հռոմի Ֆիումիչինօ օդակայանէն դէպի Երեւանի Զուարթնոց օդակայան թռիչքով ուր ժամանումը նախատեսուած է յետմիջօրէին եւ ուր տեղի կ՛ունենայ բարի գալուստի պաշտօնական ընդունելութիւնը։ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա կը փոխադրուի  Էջմիածին ուր  կը դիմաւորուի Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի կողմէ որուն հետ միասին անմիջապէս կ՛ուղղուի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճար ուր նախատեսուած են աղօթք եւ ելոյթներ որմէ ետք Սրբազան Հայրը եւ իրեն  ընկերացող շքախումբը կ՛ուղղուին նախագահական պալատ ` Հանրապետութեան նախագահին քաղաքավարական այցելութիւն տալու համար։

Նախագահական պալատի կեդրոնական դահլիճին մէջ Սրբազան Քահանայապետը հանդիպում կ՛ունենայ նաեւ Հայաստանի իշխանութիւններու, քաղաքացիական հասարակութեան եւ դիւանագիտական մարմնի անդամներուն հետ որուն սկիզբը Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը բարի գալուստի խօսք կ՛արտասանէ Նորին Սրբութեան ապա Քահանայապետը բոլոր ներկաներուն կ՛ուղղէ իր ողջոյնի խօսքը։

Հանրապետութեան նախագահին տուած պաշտօնական այցելութեան աւարտին Սրբազան Քահանայապետը կը վերադառնայ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին ուր առանձնական հանդիպում կ՛ունենայ Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ-ի հետ եւ այս հանդիպումով կ՛աւարտի Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Հայաստան կեցութեան առաջին օրուայ յայտագիրը։ 

Շաբաթ 25 յունիս 2016-ի օրակարգը սկիզբ կ՛առնէ  Ծիծեռնակաբերդի այցելութեամբ եւ հայոց նահատակաց յարգանքի տուրքով։ Նորին Սրբութիւնը ապա  կ՛ուղղուի Երեւանի օդակայան որտեղէն կը մեկնի դէպի Գիւմրիի օդակայան  եւ անմիջապէս կը փոխադրուի Վարդանանց հրապարակ ուր սուրբ եւ անմահ պատարագը կը մատուցանէ մասնակցութեամբ աւելի քան 15 հազար հաւատացեալներու։

25 Յունիսի յետմիջօրէին Սրբազան Հայրը կ՛այցելէ Առաքելական Եկեղեցւոյ Գիւմրիի աթոռանիստ` Եօթը վէրքերու անուամբ Եկեղեցին եւ Գիւմրիի Կաթողիկէ Հայոց Նահատակաց Աթոռանիստ Եկեղեցին եւ հրաժեշտ առնելով  Գիւմրիէն օդանաւով կը վերադառնայ  Երեւան  եւ անմիջապէս կ՛ուղղուի Հանրապետութեան հրապարակ ուր կը գլխաւորէ Խաղաղութեան համար համամիութենական աղօթքի հանդիպումը, վերջ տալով առաքելական ճամբորդութեան երկրորդ օրուայ յայտագիրին։  

Կիրակի 26 յունիս 2016-ին Նորին Սրբութիւնը Հայաստանի ճամբորդութեան երրորդ ու վերջին օրուայ օրակարգը կը սկսի Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքին ու անոր ընկերացող եպիսկոպոսներուն հետ հանդիպումով որմէ ետք Ֆրանչիսկոս Պապ Էջմիածնի Մայր տաճարին մէջ կը մասնակցի Գարեգին Բ կաթողիկոսին  մատուցած հայրապետական սուրբ զոհին որուն ընթացքին ողջոյնի ուղերձ մը կ՛արտասանէ ներկաներուն։

Արարողութեան աւարտին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի կ՛ունենայ Համամիութենական ճաշ մասնակցութեամբ Քահանայապետին, Կաթողիկոսին, Հայ առաքելական եւ հայ կաթողիկէ եպիսկոպոսներուն ու Քահանայապետին ընկերացող պատուիրակութեան։

Համամիութենական ագապի աւարտին եւ նախ քան Էջմիածինէն հրաժեշտ առնելը Սրբազան Քահանայապետը կը հանդիպի Հայ առաքելական եկեղեցւոյ բարերարներուն եւ պատուիրակներուն հետ, ապա նախատեսուած է  Ֆրանչիսկոս Պապին եւ Գարեգին Բ միասնական յայտարարութեան ստորագրութիւնը որմէ ետք Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը կը մեկնի Խոր Վիրապ ուր աղօթելէ ետք Հայոց Սուրբին սրբավայրին մէջ հրաժեշտ կ՛առնէ ներկաներէն եւ կը փոխադրուի  Երեւանի Զուարթնոց օդակայան ուր նախատեսուած է հրաժեշտի արարողութիւնը­ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի ներկայութեամբ։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը փոխադրող օդանաւը Զուարթնոց օդակայանէն թռիչք կ՛առնէ եւ կ՛ուղղուի դէպի Հռոմի` Չամփինօ օդակայան, ուր ժամանումը նախատեսուած է երեկոյեան 8,40-ին։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.